Եկէք անկեղծ խօսինք

Սագօ Արեան

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն:Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

  1. 1d ago

    Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72

    🇦🇲Անձնական փոխակերպում. Ինչպէ՞ս Հայաստան այցելութիւնը փոխեց հայեացքները եւ նպաստեց աւելի լայնախոհ ու ազգային մտածողութեան ձեւաւորման։ Ընտանեկան յիշողութիւն եւ ցաւ. «Իմ մայրս փորձած են սպաննել. Անձնական պատմութիւն եւ ընտանեկան վէրքեր։ 🇨🇾🇦🇲Մելգոնեան վարժարանի հիմնախնդիրը. Ինչո՞ւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ բոլոր ջանքերը արդիւնք չտուին, եւ ինչո՞ւ դպրոցին հարցը կը մնայ իբրեւ չբուժուող վէրք։ 🧠Կրթութիւն, թէ՞ ելեւմուտք. «Կրթութիւնը դրամով չի չափուիր». ինչո՞ւ հայ մարդը մեր գլխաւոր դրամագլուխն է, եւ ինչո՞ւ սխալ է դպրոցը դիտարկել իբրեւ շահոյթի աղբիւր։ 🇩🇪🇦🇲Գերմանիոյ հայ համայնքը. Ինչպէ՞ս կը գնահատուի հայկական կեանքը Գերմանիոյ մէջ, եւ ինչպիսի՞ ներուժ ունին Հայաստանէն եկած հայրենակիցները։ 🌐🇦🇲Սփիւռք-Հայրենիք կամուրջներ. Ինչպէ՞ս ստեղծել երկխօսութիւն, ներգրաւել Սփիւռքի ներուժը եւ չմերժել զիրար՝ ի նպաստ Հայաստանի գերագոյն շահերուն։ 🇦🇲🇹🇷Տնտեսական հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ. Արդեօք կա՞յ թրքական ու ատրպէյճանական դրամագլուխի ազդեցութեան վախ, եւ ի՞նչ տնտեսական օգուտներ կրնայ բերել սահմաններու եւ շրջափակումներու բացումը։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ զրուցած ենք գերմանաբնակ բժիշկ, համայնքային գործիչ Ռաֆֆի Պետիկեանի հետ։

    Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
  2. Sep 28

    Հայր Վահան Օհանեան - Մխիթարեան Միաբանութիւն, Նուիրուիլ Աստծոյ, Հաւատք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #71

    🇻🇦Մխիթարեան միաբանութեան ուղին. Ինչպէ՞ս 13 տարեկանէն կ՚ընտրեն այս ուղին, եւ ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են միաբանութեան աւանդոյթները։ 🤲Աստուծոյ ընտրութիւնը. «Ո՛չ թէ ես ընտրեցի, այլ Քրիստոս զիս ընտրեց»․ ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի հոգեւոր կոչումը։ Մխիթար Սեբաստացիի աննախադէպ վաստակը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Աբբահայրը իր կենդանութեան օրոք հրատարակեց 52 հսկայական հատորներ, որոնք հիմք դրին ժամանակակից հայագիտութեան։ 📖Մխիթարագիտութեան անհայտ էջերը. Ինչո՞ւ այսօր քիչ գիտենք Մխիթարեան միաբաններու հսկայական գրական ու գիտական ժառանգութեան մասին, եւ ինչպէ՞ս պէտք է վերարժէւորել զայն։ Սեւանայ կղզիի տեսիլքը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Սեբաստացիի Սեւանայ կղզիին վրայ տեսած տեսիլքը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնաքարը, որով կը շարունակեն ապրիլ մինչեւ այսօր։ Ո՞վ է հայու զաւակը. «Ով որ հայու զաւակ է, մեզի համար հարազատ է»․ միաբանութեան հիմնական սկզբունքները։ Զաւակը Աստուծոյ նուիրելու գաղափարը. Ինչո՞ւ այսօր նուազած է զաւակները հոգեւոր ծառայութեան նուիրելու մշակոյթը Հայաստանի եւ Եւրոպայի մէջ։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ի տաղաւարէն ներս զրուցած ենք Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ Հայր Վահան ծ. վրդ. Օհանեանի հետ։

    Հայր Վահան Օհանեան - Մխիթարեան Միաբանութիւն, Նուիրուիլ Աստծոյ, Հաւատք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #71
  3. Sep 20

    Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70

    🎭 Կատակերգութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչո՞ւ Անթիք սկզբնական շրջանին լուրջ չէր վերաբերեր կատակերգութեամբ զբաղելու քրոջ խորհուրդներուն։ 🌴 «Դրախտի երկիր» Լոս Անճելըս. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ԱՄՆ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ իր կեանքը։ 🏫 Public School-ի տարիներն ու ինքնապաշտպանութիւնը. Դպրոցական կռիւները, ինքնահաստատման խնդիրները եւ տարբերութիւնը Կլենտէլի միջավայրէն։ 📱 Ընկերային ցանցերու ճնշումը. Երբ կը հասկնաս, որ այլեւս քեզի համար չես ապրիր, այլ հետեւորդները (follower-ները) զբաղեցնելու համար։ 💔 Ցաւալի կորուստ. Ընկերոջ անժամանակ հեռանալը կեանքէն։ 🇦🇲 Հայաստան գալն ու վերալիցքաւորուիլը. Ինչպէ՞ս Հայաստանը ոյժ կու տայ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ գալէն մէկ շաբաթ ետք։ 😄 Կատակով ու հումորով. Ի՞նչ կարելի է «տանիլ» Հայաստանէն ԱՄՆ։ 🔴 Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք ԱՄՆ ապրող կատակերգակ, դերասան, բեմագիր Արման «Անթիք» Մարգարեանին հետ։

    Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70
  4. Sep 6

    Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69

    🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը: 💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու: 🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները: 🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց: 🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը: 🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը: 💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը: Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ու վերաիմաստաւորման առիթի: Ի՞նչ լուծում ունի վերջին 35 տարիներու ժողովրդագրական տեղապտոյտը, եւ ինչո՞ւ հայերը պէտք է հաւաքուին ու ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք տղամարդոց առողջութեան մասնագէտ, միզասեռախտաբան, հանրային գործիչ Ռաֆֆի Ջանեցեանի հետ։

    Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69
  5. Aug 23

    Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67

    🇦🇲«Սիրահարուած եմ Հայաստանին»․ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ Հայաստան այցելելու եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին: 🇺🇸🇱🇧Առաջին քայլերն ԱՄՆ-ի մէջ . 1995 թուականին ԱՄՆ մեկնելու, առաջին փորձառութեան եւ ամերիկեան կեանքի առաջին տպաւորութիւններուն մասին: 💬Փօլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը. Ո՞վ էր Փօլ Պաղտատլեանը իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս զինք կ՚ընկալէին մարդիկ եւ ինչպիսի՞ն էր ան որպէս անհատականութիւն ու ընկեր: Ինչո՞ւ կարեւոր է արուեստագէտն ու մարդը գնահատել իր կենդանութեան օրօք: 🇱🇧🇸🇾🇦🇲Սփիւռքի տարբեր համայնքներու (Լիբանան, Հալէպ, Իրան եւ այլն) եւ Հայաստանի հանդիսատեսին քաջալերանքն ու սէրը, որ ստեղծագործական ուժ կու տան: 🎙«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի ընթացքին լիբանանեան ծագումով ամերիկաբնակ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն եւ գործունէութենէն։

    Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67
  6. Jul 26

    Վահէ Պէրպէրեան - Ո՞վ է Հայը․ Հայաստան, Պատերազմ, Կարօտ, Բեմ, Ծիծաղ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #65

    🔴Վիդեօ տարբերակը՝ YouTube -ի վրայ (Arevelkam) 🇱🇧🇺🇸 🎭 Պէյրութի փողոցներէն մինչեւ Լոս Անճելըսի բեմերը․ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ, արուեստագէտ եւ պէյրութահայ։ 🇦🇲 «Աստուած կատակ չի՞ սիրեր»․ ի՞նչ է հայկական հումորի գաղտնիքը եւ ինչպէ՞ս ծիծաղն ու արուեստը կը փրկեն հոգին։ 🎭 Թատրոնի կրակն ու հայ-հայուն վէճերը․ արդեօ՞ք բեմի վրայ «բենզին կը թափուի կրակին վրայ», թէ՞ խօսքը ինքնութիւնը պահելու մասին է։ 💭 Հոգեկան խոցերու մէջ ապրող ժողովուրդն ու ապրելու կիրքը․ ի՞նչը կը ստիպէ հայուն միշտ ուրախանալու առիթ փնտռել։ 🇱🇧🇺🇸 Պէյրութեան պատերազմի յուշերն ու 15 տարուան կարօտը․ իրականութիւն դարձա՞ւ արդեօք վերադարձի յոյսը։ ⭕️ Այս եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքրական թեմաներու շուրջ «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք նշանաւոր արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի հետ։

    Վահէ Պէրպէրեան - Ո՞վ է Հայը․ Հայաստան, Պատերազմ, Կարօտ, Բեմ, Ծիծաղ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #65

Ratings & Reviews

5
out of 5
3 Ratings

About

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն:Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան: